2010-11-27 12:29:18

Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը դաշնակցային գերմանիոյ` պատասխան մը պետութեան ու եպիսկոպոսներու հրաւէրին։


Այս երրորդ անգամուայ համար` որպէս Քահանայապետ, Պենետիկտոս ԺԶը աշնան 2011ին Գերմանիա այցելութիւն պիտի կատարէ, յաւանաբար սեպտեմբերի կէսին։
Նորին Սրբութիւնը ընդառաջելով Գերմանիոյ եպիսկոպոսներու ու Պետութեան հրաւերին ։ Պերլին մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահին, որ իր կարգին 2007ին այցելութիւն կատարած էր Սրբազան Պապին։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը յայտրարած է թէ Սրբազան Հօր այցելութիւնը Գերմանիայ յոյժ կարեւոր պիտի ըլլայ պետութեան ու եկեղեցւոյ կեանքին համար։ Անոր ներկայութիւնը մեր մէջ ներշնչումի առիթ պիտի հանդիսանայ շատերուն համար։ Յայտնենք թէ 2011-ի Սրբազան Քահանայապետի ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախտեսէ` բացի Գերմանիայէն, այցելութիւն մը Խրուաթիոյ, Սպանիոյ եւ Պենանի։







All the contents on this site are copyrighted ©.